Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի շարք մը հաւաքականներուն մէջ տեղի ունեցած են մարզիչներու փոփոխութիւններ:
Աղջկանց ազգային հաւաքականին գծով, Արմէն Սանամեանի փոխարէն գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Արտակ Ադամեան, մինչ աղջկանց 19 տարեկանէն վար հաւաքականին գծով Լիանա Հայրապետեան փոխարինուեցաւ Գագիկ Տէր Գէորգեանով:
Հայաստանի տղոց 17 տարեկանէն վար հաւաքականին գծով, Մհեր Միրումեան փոխարինուեցաւ Խորէն Վերանեանով, մինչ 14 տարեկանէն վար հաւաքականին գծով մարզիչ նշանակուեցաւ Կարէն Աւոյեան:
Մնացեալ մարզիչներուն պարագային անոնք պահեցին իրենց պաշտօնները: