Սենթ Լուիսի մէջ տեղի ունեցող Միացեալ Նահանգներու ճատրակի բաժակի մրցաշարքը արդէն իսկ հասած է իր աւարտին եւ մնացած են աւարտական հանգրուանի ճակատումները:
Լեւոն Արոնեան, որ կիսաւարտականին 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Լերնիեր Տոմինկեզին, աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Ֆապիանօ Քարուանան:
Իսկ աղջկանց պարագային, աւարտականին իրարու դէմ պիտի մրցին Իրինա Քրուշ եւ Ալիս Լի:
Նշենք, որ վերջինս կիսաւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթեց Տաթեւ Աբրահամեանին: