Միջազգային ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Եւրոպայի 2023-ի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:
Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Երէկ նշուեցաւ, որ 21-31 մայիսին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Ազրպէյճան:
Բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 22 մայիսին:
Նշենք, որ 21-31 մայիսին Եւրոպայի 2022-ի կռփամարտի մեծերու ախոյեանութիւնը եւս տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող պատերազմին պատճառով, միջազգային մրցումներու մասնակցելու իրաւունքէն զրկուած են Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկները: