Նախորդ շաբաթավերջին Պուլկարիոյ մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան` տիրանալով երեք մետալի:
Այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ 13 մարզիկով` գլխաւոր մարզիչ ունենալով Վազգէն Բադալեանը:
Էրիկ Իսրայէլեան 60 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ ոսկի մետալի, 80 քկ դասակարգին մէջ Համլեթ Ադամեան տիրացաւ արծաթ մետալի, մինչ իր կարգին արծաթ մետալի տիրացաւ նաեւ Արես Յակոբեան (67 քկ):
Նշենք, որ մայիսին Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Հայրենի կազմը այժմ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ (մինչեւ 2 մայիս)` պատրաստուելու համար այս ախոյեանութեան, գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ:


