Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու ճատրակի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը վերջ գտաւ Ֆապիանօ Քարուանայի յաղթանակով, որ իր յաղթանակը արձանագրեց Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի նախկին յառաջատար եւ Միացեալ Նահանգներու մարզական քաղաքացիութիւն ընդունած Լեւոն Արոնեանի դէմ` 1,5-0,5 արդիւնքով:
Տիտղոսին տիրանալուն համար Քարուանա ստացաւ 50 հազար ամերիկեան տոլար, ինչպէս նաեւ 10 հազար ամերիկեան տոլար պարգեւավճար, մինչ Արոնեան ստացաւ 35 հազար ամերիկեան տոլար: