Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 20-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին երկրին գործող ախոյեանը` Ինթեր Միլան, որ հիւրը եղաւ Պոլոնիային, կրեց անակնկալ պարտութիւն մը, 2-1 արդիւնքով:
Թէեւ 28-րդ վայրկեանին խրուաթ միջնապահ Իվան Փերիսիչ նշանակեց Ինթերի եւ մրցումին առաջին կոլը, սակայն հիւրընկալ կազմը երկու անգամ պատասխանելով ապահովեց առաւելագոյն երեք կէտը:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Ինթեր 72 կէտով մնաց երկրորդ դիրքին վրայ` 2 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ա. Սէ. Միլանէն:
Իսկ Պոլոնիա 42 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 13-րդ դիրքը:
Նշենք, որ ախոյեանութեան աւարտին մնացած է չորս հանգրուան միայն: