22 մայիսէն 5 յունիս տեղի կ՛ունենայ Ֆրանսայի թենիսի ախոյեանութիւնը` «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը:
Մրցաշարքին կազմակերպիչները յայտնեցին, որ այս տարուան ընդհանուր մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 43,6 միլիոն եւրօ:
Աւարտականի մրցումներուն յաղթականները պիտի ստանան 2,2 միլիոն եւրօ, իսկ աւարտական հասնողները` 1,1 միլիոն եւրօ:
Զոյգի մրցումներուն յաղթականները պիտի ստանան 580 հազար եւրօ, իսկ խառն զոյգի մրցումներուն յաղթականները` 122 հազար եւրօ: