Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Անիպալ Զահլէ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անիպալ Զահլէ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 21 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Անիպալ Զահլէ-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը: Ցարդ միայն յաղթանակ մը արձանագրած եւ 18 պարտութիւն կրած Անիպալ կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ եւ վերջին դիրքը, մինչ ՀՄԸՄ, որ արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած 15 պարտութիւն, կը գտնուի 9-րդ դիրքին վրայ: Երթի մրցումը (11-րդ...

Կռփամարտ.  Հայաստանի Երկու Ներկայացուցիչներ  Հասան Աւարտական Հանգրուան

Կռփամարտ. Հայաստանի Երկու Ներկայացուցիչներ Հասան Աւարտական Հանգրուան

Պուլկարիոյ մայրաքաղաք` Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ ապահովեցին աւարտական հանգրուանի իր տոմսերը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 67 քկ դասակարգին մէջ, Արես Յակոբեան, որ 5-0 արդիւնքով յաղթեց սպանացի իր մրցակիցին` Կանտա Սոուցքօ Քուլիպալիին, աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ ուքրանացի Օլեքսէյ Պոքլախը: Իսկ 60 քկ դասակարգին մէջ, Էրիկ Իսրայէլեան իր կարգին արձանագրեց...

Մեսսի Մտադիր Չէ Հեռանալ  Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Մեսսի Մտադիր Չէ Հեռանալ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ գալիք ամրան ընթացքին մտադիր չէ հեռանալ իր ակումբէն: Նշենք, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը` մայրաքաղաքի կազմին հետ, նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը: Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, Մեսսի ամէն գնով վճռած է յառաջիկայ տարեշրջանին իր կազմին հետ տիրանալ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի...

Ռամոսի Ապագան Փարիզեան  Խումբին Հետ Մշուշոտ Է

Ռամոսի Ապագան Փարիզեան Խումբին Հետ Մշուշոտ Է

Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, սպանացի յետսապահ Սերճիօ Ռամոսի ապագան այժմու իր ակումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ կը մնայ մշուշոտ: Նշուեցաւ, որ այս տարեշրջանի աւարտին ան անպայման պիտի հեռանայ իր ակումբէն: Փարիզեան ակումբին ղեկավարութիւնը, կը փափաքի խումբը օժտել երիտասարդ ֆութպոլիստներով: Շատ հաւանական է, որ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթին մաս կազմող 22 տարեկան երիտասարդ յետսապահ Էվան Նտիքի ըլլայ Ռամոսը փոխարինողը: Այս տարեշրջանին Ռէալ Մատրիտին...

Թուրքիա Կ’ուզէ Հիւրընկալել 2028-ի  Եւրոպայի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը

Թուրքիա Կ’ուզէ Հիւրընկալել 2028-ի Եւրոպայի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը

Թուրքիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթ պաշտօնական նամակ մը ներկայացուց «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին` յայտնելով, որ կ՛ուզէ հիւրընկալել 2028-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Անիկա ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ երբեք չէ հիւրընկալած այս ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են նաեւ Անգլիա եւ Իրլանտա: Սեպտեմբեր 2023-ին պիտի յայտարարուի, թէ ո՛ր երկիրը պիտի հիւրընկալէ այս ախոյեանութիւնը, երբ վերոնշեալ կազմակերպութիւնը քննարկէ իրենց թեկնածութիւնը...

Լողարշաւ.  Ռուսիոյ Եւ Պիելոռուսիոյ Լողորդները  Հեռացուեցան Միջազգային Մրցումներէն

Լողարշաւ. Ռուսիոյ Եւ Պիելոռուսիոյ Լողորդները Հեռացուեցան Միջազգային Մրցումներէն

Հետեւելով բազմաթիւ ֆետերասիոններու օրինակին` լողարշաւի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՆԱ) իր կարգին պատժական տնօրինումներ որդեգրեց Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ դէմ: Յայտարարուեցաւ, որ ռուսական զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման պատճառով, Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ լողորդները հեռացուեցան միջազգային բոլոր տեսակի մրցումներուն մասնակցելու իրաւունքէն: Այս որոշումը ի զօրու է մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2022, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ 18 յունիսէն 3 յուլիս Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի...

ՖԻՏԷ.  Ռուսիոյ Եւ Պիելոռուսիոյ Ճատրակ  Խաղացողները  Կրնան Հանդէս Գալ ՖԻՏԷ-ին Դրօշին Տակ

ՖԻՏԷ. Ռուսիոյ Եւ Պիելոռուսիոյ Ճատրակ Խաղացողները Կրնան Հանդէս Գալ ՖԻՏԷ-ին Դրօշին Տակ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ մինչեւ նոր որոշումի մը կայացումը, Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ հաւաքականներուն մասնակցութիւնը իր հովանիին տակ կատարուելիք մրցումներուն կը դադրի: Բայց եւ այնպէս, երկու երկիրներուն ճատրակ խաղացողները կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել անհատական մրցաշարքերու, սակայն պայմանով, որ ըլլան ՖԻՏԷ-ի դրօշին տակ: Նշենք, որ կազմակերպութիւնը վերջերս յայտարարեց, որ 2022-ի համաշխարհային Օլիմփիատը Մոսկուայէն տեղափոխուեցաւ Չինաստան:    

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 7 ապրիլ 2022-ին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ գումարուեցաւ Լիբանանի «Ժիթ Քուն Տօ» ֆետերասիոնին հիմնադիր ժողովը` ներկայութեամբ եւ հսկողութեամբ նախարարութեան մարզական բաժինի պատասխանատու Մոհամետ Աուայտաթի: Ժողովի ընթացքին ընտրուեցաւ 2022-2026 տարեշրջանի առաջին կազմը, որուն մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ական եղբ. Խաչիկ Ահարոնեան, որ ստանձնեց գանձապահութեան պաշտօնը: Ստորեւ կը ներկայացնենք նորընտիր կազմը. Հուսամ Խալետ Պազալ (ատենապետ), Մոհամետ Ապտել Սալամ (փոխատենապետ), Ռապիհ...

Ճատրակ. Սպանիոյ Միջազգային Մրցաշարք.  Կարէն Գրիգորեան Հանդիսացաւ Երկրորդ

Ճատրակ. Սպանիոյ Միջազգային Մրցաշարք. Կարէն Գրիգորեան Հանդիսացաւ Երկրորդ

Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ Սպանիոյ ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: Գրիգորեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով բաժնեց 2-3-րդ դիրքերը, սակայն լրացուցիչ կէտերուն շնորհիւ գրաւեց երկրորդ դիրքը: Տիտղոսին տիրացաւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը, որ ապահովեց 8 կէտ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 150 ճատրակ խաղացողներ:    

Հայաստանի Ֆութպոլի 15 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականին Մարզական Հաւաքը  Իր Աւարտին Կը Հասնի Այսօր

Հայաստանի Ֆութպոլի 15 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Մարզական Հաւաքը Իր Աւարտին Կը Հասնի Այսօր

Այսօր` չորեքշաբթի, 20 ապրիլին իր աւարտին կը հասնի Հայաստանի ֆութպոլի 15 տարեկանէն վար հաւաքականին մարզական հաւաքը, որ սկսաւ նախանցեալ օր, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս հաւաքին ընթացքին կատարուեցան նաեւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Գէորգ Պօղոսեան:  

Յորդանանի  Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը  Գուժեց Յակոբ Մահսէրէճեանի Մահը

Յորդանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Գուժեց Յակոբ Մահսէրէճեանի Մահը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Յորդանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին գուժեց մահը Յակոբ Մահսէրէճեանի, որ իր անունը արձանագրած է Յորդանանի պասքեթպոլի պատմութեան մէջ: Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մահսէրէճեան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է Յորդանանի պասքեթպոլի ազգային խումբին, ինչպէս նաեւ Ուաթան Ռիատի ակումբին, 60-ականներու վերջը եւ 70-ականներու սկիզբը: Նշուեցաւ, որ Յակոբ Մահսէրէճեան իբրեւ անդամ մաս կազմած է...

Փարիզ Սեն Ժերմենի Սեփականատէրերը  Որոշեցին Ծախել Ակումբը

Փարիզ Սեն Ժերմենի Սեփականատէրերը Որոշեցին Ծախել Ակումբը

Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, Փարիզ Սեն Ժերմենի մէջ բաւական մեծ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան, ինչ որ այդքան ալ գոհ կրնայ չձգել ֆութպոլիստներէ շատեր: Նշուեցաւ, որ ակումբին սեփականատէրերը որոշած են ծախել ակումբը: Մայրաքաղաքի կազմի գործող նախագահ Նասեր Խելայֆի պիտի լքէ իր պաշտօնը, մինչ «Քաթար Սփորթց Ինվեսթմընթց» ընկերութիւնը, որ 2011-էն ի վեր կը պատկանի Փարիզ Սեն Ժերմենին, պիտի սկսի հեռանալ: Սակայն ասիկա...

Մանչեսթըր Սիթի 70 Միլիոն Եւրոյի  Առաջարկ Մը Ներկայացուց Էրլինկ Հաալանտին Համար

Մանչեսթըր Սիթի 70 Միլիոն Եւրոյի Առաջարկ Մը Ներկայացուց Էրլինկ Հաալանտին Համար

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 70 միլիոն եւրոյի առաջարկ մը ներկայացուց Պորուսիա Տորթմունտի եւ Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտի փոխանցման գործողութիւններով զբաղող Մինօ Ռայոլային, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Թէեւ մանչեսթըրեան ակումբը 21 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկեց 5 տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 30 միլիոն եւրօ աշխատավարձով, սակայն ֆութպոլիստը կը սպասէ Ռէալ Մատրիտի առաջարկին եւ ցարդ դրական պատասխան չէ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Կիսաւարտականի Զոյգերը Յստակացան

«Չեմփիընզ Լիկ». Կիսաւարտականի Զոյգերը Յստակացան

Նախորդ շաբաթավերջին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան կիսաւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահոված խումբերը: Այստեղ հետաքրքրական է նշել, որ մրցաշարքը պիտի շարունակուի անգլիական եւ սպանական երկուքական խումբերով: Անգլիայէն իրենց տոմսերը ապահովեցին երկրին գործող ախոյեանը` Մանչեսթըր Սիթի, Լիվըրփուլ, իսկ Սպանիայէն` Ռէալ Մատրիտ եւ Վիարէալ: Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 26 եւ 27 ապրիլին` Անգլիոյ մէջ,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ԱՀՏ 8-րդ Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ  Լիբանանի Ախոյեան

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ԱՀՏ 8-րդ Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան

Երէկ` երկուշաբթի, 18 ապրիլին Ճունիի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, Թատամոն Սուրի դէմ արձանագրելէ ետք 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, Ահտ իր պատմութեան մէջ 8-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: Այսպիսով Ահտ հաւասարեցաւ Նըժմէին, որ իր կարգին ութ անգամ հանդիսացած է Լիբանանի ախոյեան: Նշենք, որ իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ահտ ունեցաւ տասը կէտի առաւելութիւն մը իր անմիջական մրցակիցին` Պըրժի վրայ, որ ունի...

Պասքեթպոլ. Լիբանանեան Ընկերութիւններու  9-րդ Մրցաշարք.  Փաստաբաններու Խումբը Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Պասքեթպոլ. Լիբանանեան Ընկերութիւններու 9-րդ Մրցաշարք. Փաստաբաններու Խումբը Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, իր աւարտին հասաւ լիբանանեան ընկերութիւններու միջեւ տեղի ունեցած պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար 9-րդ անգամ ըլլալով եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 խումբեր: Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ «ԷՄ.-13»-ի դաշտին վրայ (Նաքքաշ): Աւարտականի մրցումին, փաստաբաններու խումբը, որ մրցեցաւ Մուսալլեմ-Կրուփ խումբին դէմ, բաւական հետաքրքրական ճակատումէ մը ետք իր յաղթանակը արձանագրեց մրցումին վերջին երկվայրկեաններուն, 91-88...

Ժիւտօ.  Ֆերտինանտ Կարապետեան Եւ Արսէն Աւետիսեան  Կը Մասնակցին Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Ժիւտօ. Ֆերտինանտ Կարապետեան Եւ Արսէն Աւետիսեան Կը Մասնակցին Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականի անդամներ Ֆերտինանտ Կարապետեան եւ Արսէն Աւետիսեան մեկնեցան Հունգարիա` նախապատրաստուելու համար Եւրոպայի ժիւտոյի ախոյեանութեան, որուն ազդանշանը պիտի տրուի 29 ապրիլին, Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ: Նշուեցաւ, որ անոնք երկուքը ելոյթ պիտի ունենան 73 քկ դասակարգի մրցումներուն: Թոքիոյի ողիմպիական խաղերէն ետք, Կարապետեան ընդհանրապէս չէ մարզուած, իր ստացած վնասուածքէն ետք ամբողջութեամբ ապաքինելու համար:  

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կատարեց  Վերջին 30 Տարիներու Խորհրդանշական  Հաւաքականի Քուէարկութիւն

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կատարեց Վերջին 30 Տարիներու Խորհրդանշական Հաւաքականի Քուէարկութիւն

Որոշելու համար վերջին 30 տարիներու խորհրդանշական հաւաքականը, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կատարեց աննախադէպ քուէարկութիւն մը` ճշդելու համար այդ ֆութպոլիստներուն ցանկը: Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ ըստ ֆութպոլիստներուն գրաւած դիրքերուն: Նկատի պիտի առնուին այն բոլոր ֆութպոլիստները, որոնք Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութենէն բացի տպաւորիչ ելոյթ ունեցած են Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ եւ արտասահմանի մէջ` տարբեր երկիրներու ախոյեանութիւններուն ընթացքին: Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ քուէարկութեան...

Քարիմ Պենզեմա Գերազանցեց  Տի Սթեֆանոյի Ցուցանիշը

Քարիմ Պենզեմա Գերազանցեց Տի Սթեֆանոյի Ցուցանիշը

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ` Քարիմ Պենզեմա, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սեւիլլայի դաշտին վրայ արձանագրուած յաղթանակին (3-2) կերտեց իր կազմին բաւական կարեւոր յաղթանակը, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+2-րդ) նշանակեց Ռէալի երրորդ կոլը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռէալ Մատրիտ բաւական կարեւոր քայլ մը առաւ դէպի ախոյեանութեան տիտղոս: Իր նշանակած այս կոլին շնորհիւ Պենզեմա բարձրացաւ երրորդ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ-Անդրանիկ Պէյրութ`  73-84

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Անդրանիկ Պէյրութ` 73-84

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը: Անդրանիկ, որ երթին իր դաշտին վրայ արձանագրած էր 86-83 արդիւնքով յաղթանակ մը, երէկ կրկնեց իր յաղթանակը` ՀՄԸՄ-ի դէմ, այս անգամ` 84-73 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 21-21, 13-23, 12-22, 27-18:...

Page 405 of 1280 1 … 404 405 406 … 1,280

Արխիւներ