Իտալական Ա. Էս. Ռոմա, որ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումին Անգլիոյ մէջ հիւրը եղաւ Լայսթըր Սիթիին, արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Լորենցօ Փելլեկրինի նշանակեց իտալական կազմին կոլը (15-րդ), մինչ 67-րդ վայրկեանին Ճիանլուքա Մանչինի նշանակեց հաւասարութեան կոլը (սխալմամբ իր բերդին մէջ):
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 57-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը` վնասուածք ստանալէ ետք:
Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն, ան շատ հաւանական է, որ բացակայի իր կազմին կատարելիք երկու մրցումներէն:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 5 մայիսին:


