Աւստրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սալզպուրկ, որ 5-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Աւստրիա Վիեննային, յաջորդաբար 9-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Աւստրիոյ ախոյեան:
Ախոյեանութեան աւարտէն երկու հանգրուան առաջ, անիկա ապահովելով 45 կէտ, անհասանելի դարձաւ իր անմիջական մրցակիցին` Շթուրմ Կրացին, որ ունի 31 կէտ:
Այսպիսով, Սալզպուրկ 16-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Աւստրիոյ ախոյեան:
Մրցանիշը սակայն կը պատկանի Ռափիտ Վիեննային, որ երկրի ախոյեան դարձած է 32 անգամ:


