Սամպոյի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ յայտնեց, որ 2022-ի աշխարհի սամպոյի երիտասարդական եւ պատանեկան ախոյեանութիւնները տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 14-16 հոկտեմբերին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:
Նշենք, որ 2023-ին Երեւան պիտի հիւրընկալէ նաեւ աշխարհի սամպոյի վեթերաններու ախոյեանութիւնը: