Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 30 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, «Սամիէ Սալիմ» մարզադաշտին վրայ (Պիքֆայա):
Աւարտականի այս մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Ռիատի Պէյրութը եւ Պէյրութը:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախանցեալ օր յայտնեց, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ առանց համակիրներու:
Իւրաքանչիւր կազմէն դաշտ կրնան մուտք գործեն 15 համակիրներ, ինչպէս նաեւ յատուկ հրաւիրեալներ եւ բնականաբար` մարզական լրագրողներ: