Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 20 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած անուանի թենիսմեն Ռոժէ Ֆետերեր կը պատրաստուի վերադառնալու թենիսի դաշտերը:
Նշուեցաւ, որ ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ սեպտեմբերին Լէյվըր բաժակի մրցաշարքին, իսկ անկէ ետք հոկտեմբերին` Պալի միջազգային մրցաշարքին:
Ծունկի իր վիրաբուժութենէն ետք, ան ցարդ ամբողջութեամբ չէ ապաքինած:
Վերջին անգամ ան թենիսի դաշտերուն վրայ տեսնուեցաւ Ուիմպըլտըն-2021-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին ընթացքին:
Նշենք, որ 8 օգոստոսին Ֆետերեր կը դառնայ 41 տարեկան: