«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Պրուքլին Նեթց-Պոսթըն Սելթիքս մրցումը:
Անոնց միջեւ այս մրցումը աւարտեցաւ Սելթիքսի յաղթանակով` 116-112 արդիւնքով: Նեթցէն Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 39 կէտ:
Այսպիսով, Սելթիքս 4-0 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը, ապահովեց արեւելեան շրջանի կիսաւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Միլուոքի Պաքս-Շիքակօ Պուլզ մրցումին յաղթականին դէմ:
Պաքս այժմ 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը եւ միայն յաղթանակի մը կարիք ունի: