Լիվըրփուլի գերմանացի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ երէկ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր կազմին հետ, այսպիսով համաձայն գտնուելով մինչեւ յունիս 2026 մնալ իր ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Անոր հետ աշխատող անձնակազմին պայմանագրութիւնը եւս երկարաձգուեցաւ:
Քլոփի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ յունիս 2024:
Նշենք, որ ան 2015-ին Պորուսիա Տորթմունտէն միացած էր լիվըրփուլեան կազմին: