Ա. Սէ. Միլանի մաս կազմող շուէտացի միջազգային յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ դարձաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») ամէնէն տարիքոտ էսիսթ կատարողը, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Լացիօ Ռոմայի դէմ տեղի ունեցած 34-րդ հանգրուանի մրցումին, որ աւարտեցաւ անոր կազմին յաղթանակով (2-1), ան իր կատարած էսիսթին շնորհիւ դարձաւ ամէնէն տարիքոտ էսիսթ կատարողը (40 տարեկան, 6 ամսական եւ 21 օրական):
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Ա. Էս. Ռոմայի նախկին ֆութպոլիստ Ֆրանչեսքօ Թոթթիին (40 տարեկան, 4 ամսական եւ 23 օրական):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ա. Սէ. Միլան այժմ 74 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` երկու կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Ինթեր Միլանի վրայ, որ մրցում մը նուազ կատարած է: