Չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2022-ին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած, Լիբանանի 20 տարեկանէն վար ազգային խումբին կազմութեան զտումի մրցումները:
Մարզիկներուն միջեւ տեղի ունեցած բաւական սուր պայքարէ ետք, կազմուեցաւ Լիբանանի ազգային խումբը, որուն մաս կազմեցին ՀՄԸՄ-ի աթլեթի խումբէն չորս մարզիկներ:
Այդ չորս մարզիկներն են` Արմէն Եղիայեան (400 մեթր), Ճոյի Թենքերեան (200 մեթր), Սերենա Քէշիշեան (1500 եւ 5000 մեթր) եւ Լէա Պուտաքեան (100 մեթր եւ 3 քայլ ոստում):
Յաջողութիւն` ՀՄԸՄ-ի աթլեթներուն:
ՀՄԸՄ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱԹԼԵԹԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ