Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողները յաջող ելոյթ ունեցան Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը:
Սպանական Մենորքա կղզիին մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ 20-24 ապրիլին, հայ պատանի կրանտմասթըրներ Շանթ Սարգսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան, իրենց ունեցած բաւական տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ կիսեցին 2-4-րդ դիրքերը եւ յաջորդաբար գրաւեցին 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերը:
Անոնք երկուքն ալ բարելաւեցին իրենց վարկանշային դիրքերը:
Նշենք, որ տիտղոսին տիրացաւ 15 տարեկան հնդիկ Կուկեշ Տի:


