Մարզական

Աղջկանց «Չեմփիընզ Լիկ».  Լիոն Յաղթեց Պարսելոնային Եւ Դարձաւ Տիտղոսակիր

Աղջկանց «Չեմփիընզ Լիկ». Լիոն Յաղթեց Պարսելոնային Եւ Դարձաւ Տիտղոսակիր

Ֆրանսական Լիոնի եւ քաթալոնական Պարսելոնայի միջեւ տեղի ուեցած աղջկանց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը վերջ գտաւ ֆրանսական կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով: Մրցումին չորս կոլերն ալ նշանակուեցան Ա. կիսախաղին: 3-0 արդիւնքով ուշանալէ ետք, Պարսելոնա իր միակ կոլը նշանակեց 33-րդ վայրկեանին: Այսպիսով, Լիոնի աղջկանց կազմը իր պատմութեան մէջ 8-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:

Լայփցիկ Առաջին Անգամ Ըլլալով  Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակակիր

Լայփցիկ Առաջին Անգամ Ըլլալով Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակակիր

Պերլինի մէջ տեղի ունեցած Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, իրարու դէմ մրցեցան Լայփցիկ եւ Ֆրայպուրկ: Մրցումին հիմնական 90, ինչպէս նաեւ երկարաձգման 30 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով, որմէ ետք դիմուեցաւ փենալթիներու: Լայփցիկ արձանագրելով 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին: Այսպիսով, Լայփցիկ, Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումին, պիտի մրցի Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի...

Փորթօ Տուպլէ Մը Իրագործեց

Փորթօ Տուպլէ Մը Իրագործեց

Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանը 91 կէտով աւարտած եւ երկրին ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Փորթօ նախորդ շաբաթավերջին տուպլէ մը իրագործեց, երբ Փորթուգալի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թոնտելայի դէմ: Այսպիսով, Փորթօ դարձաւ մրցանշակիր` նկատի ունենալով, որ անիկա 18-րդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս մրցաշարքին տիտղոսը:

«Ֆորմիւլա-1».  Վերսթափեն Յաղթական` Պարսելոնայի Մէջ

«Ֆորմիւլա-1». Վերսթափեն Յաղթական` Պարսելոնայի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Պարսելոնայի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, աւարտեցաւ աշխարհի գործող ախոյեան` Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, «Ռետ-Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդը գրաւեց վարորդներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 110 կէտ: Քաթալոնիոյ այս կրան փրիին երկրորդ դիրքը գրաւեց Վերսթափենի խմբակից Սերճիօ Փերես, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Մերսետեսի վարորդ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ` 75-64. Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ` 2-0

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ` 75-64. Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ` 2-0

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի («ֆայնըլ ֆոր») մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 21 մայիսին, Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ առաջին մրցումը վերջ գտաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, 75-64 արդիւնքով (24-17, 17-22, 17-14 եւ 17-11): Մրցումին եւ Ռիատիի ամէնէն շատ կէտը նշանակեցին Էլմետին Քիքանովիչ եւ Ամիր Սէուտ (17-ական կէտ), մինչ Տինամոյէն 16 կէտ նշանակեց Ալի Հայտար: Երկու...

Ասիոյ 16 Տարեկանէն Վար  Տղոց Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Ազգային Խումբը Մաս Կազմեց Բ. Խմբակին

Ասիոյ 16 Տարեկանէն Վար Տղոց Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբը Մաս Կազմեց Բ. Խմբակին

Մասնակցութեամբ 13 երկիրներու, 12-19 յունիսին Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը: Կիսաւարտականին հասած չորս խումբերը կ՛ապահովեն աշխարհի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը. աւարտական հանգրուանի մրցումները պիտի կատարուին Մալակայի մէջ (Սպանիա), 2-10 յուլիսին: Տեղի ունեցած վիճակաձգութեան, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը մաս կազմեց Բ. խմբակին, ուր իրեն մրցակից պիտի ունենայ Իրանն ու Ինտոնեզիան: Ա. խմբակին մաս...

«Էմ. Էմ. Էյ. »  Միհրան Յարութիւնեանի 5-րդ Յաղթանակը

«Էմ. Էմ. Էյ. » Միհրան Յարութիւնեանի 5-րդ Յաղթանակը

Տարուան մը դադարէ ետք, Միհրան Յարութիւնեան նախորդ շաբաթավերջին դարձեալ վերադարձաւ «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ. »: Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած խառն մենամարտի մրցումներուն, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիականի փոխախոյեանը, որ մրցեցաւ ամերիկացի Արթուրօ Հերնանտեզի դէմ, երրորդ ռաունտին յաղթանակ արձանագրեց: Ան «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ. »-ի մրցումներուն ցարդ կատարած է 6 մենամարտ, արձանագրած 5 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը: Իսկ Հերնանտեզ արձանագրած է 4...

Տիգրան Բարսեղեան` Կոլի Հեղինակ

Տիգրան Բարսեղեան` Կոլի Հեղինակ

Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Սլովան- Ժիլինա մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը: Մրցումին հաշիւը բացաւ Սլովանին մաս կազմող յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, 45-րդ վայրկեանին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 28 տարեկան յառաջապահ Բարսեղեան նախորդ յունուարին Ասթանայէն միացած էր Սլովանի: Ան, իր կազմին հետ կատարեց 13 մրցում, նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ: Ինչպէս ծանօթ է, Սլովան հանդիսացաւ Սլովաքիոյ ֆութպոլի...

Էտկար Սեւիկեան Հեռացաւ Լեւանթէէն

Էտկար Սեւիկեան Հեռացաւ Լեւանթէէն

Հայ ֆութպոլիստ Էտկար Սեւիկեան, որ ռուսական անձնագիր ունի, նախորդ շաբաթավերջին հեռացաւ սպանական Լեւանթէ ֆութպոլի ակումբէն: 20 տարեկան միջնապահը, որ 2018-ին միացած էր Լեւանթէին, հիմնական կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ միայն երկու մրցումի: Ներկայ դրութեամբ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 700 հազար եւրօ: Նշենք, որ Էտկար Սեւիկեան եւ անոր եղբայրը` Էրիկ, որ մաս կը կազմէ Վալենսիայի, վերջերս համաձայն գտնուեցան միանալու Հայաստանի...

Անգլիական Ֆութպոլ.  Մանչեսթըր Սիթի Հանդիսացաւ Ախոյեան.  Լիվըրփուլ` Փոխախոյեան

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի Հանդիսացաւ Ախոյեան. Լիվըրփուլ` Փոխախոյեան

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («փրեմիեր լիկ») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ երէկ յստակացաւ Անգլիոյ ախոյեանին անունը: Մանչեսթըր Սիթի, որ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ասթոն Վիլային, հռչակուեցաւ 2021-2022 տարեշրջանի ախոյեան, կէտի մը տարբերութեամբ միայն գերազանցելով Լիվըրփուլին, որ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Վուլվզին: Անոնք երկուքն ալ իրենց երէկուան յաղթանակը արձանագրեցին իրենց դաշտերուն վրայ: Սիթի տարեշրջանը աւարտեց 93 կէտով, մինչ փոխախոյեան Լիվըրփուլ` 92...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ  Առաջին Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ առաջին մրցումը: Այս ճակատումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանարայի դաշտին մէջ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին: Նշենք, որ նախանցեալ օր Ռիատիի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Իսմայիլ Ահմետ ստորագրեց ակումբին տոմարներուն վրայ: Իսկ վաղը` կիրակի, տեղի պիտի ունենայ Սաժես Պէյրութ-Պէյրութ երկրորդ մրցումը, Ղազիրի դաշտին վրայ,...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ա. Դասակարգի  Ախոյեանութեան Տիտղոսը  Յանձնուեցաւ Լեռնային Արցախին

Հայաստանի Ֆութպոլի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Տիտղոսը Յանձնուեցաւ Լեռնային Արցախին

Նախանցեալ օր տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումները: Լեռնային Արցախ, որ արդէն իսկ ապահոված էր ախոյեանի կոչումը, իր կատարած վերջին մրցումին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Արարատ-Արմենիա-2-ի դէմ: Մրցումին աւարտին Լեռնային Արցախ ախոյեանութեան իր տիտղոսը ստացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Էտկար Մանուկեանէն:  

Հայաստանի Արհեստավարժ Կռփամարտի  Հաւաքականը Մեծաթիւ Պատուիրակութեամբ  Մեկնեցաւ Մեքսիքա

Հայաստանի Արհեստավարժ Կռփամարտի Հաւաքականը Մեծաթիւ Պատուիրակութեամբ Մեկնեցաւ Մեքսիքա

Երէկ` ուրբաթ, 20 մայիսին, Հայաստանի արհեստավարժ կռփամարտի հաւաքականը մեկնեցաւ Մեքսիքա, ուր պիտի մասնակցի միջազգային մրցաշարքի մը, այս մասին յայտնեց ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ հայրենի կազմը այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 9 դասակարգի մրցումներուն` տասը մարզիկով, ինչ որ կը նկատուի մեծ թիւ: Հաւաքականը Մեքսիքա մեկնեցաւ մարզիչներ Գարիկ Բաղդասարեանի եւ Հայկ Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ: Մեքսիքա կը գտնուի նաեւ Հայաստանի արհեստավարժ կռփամարտի...

Հայաստանի Ֆութպոլի 18 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականը Մարզական Հաւաքի Մը Սկսաւ

Հայաստանի Ֆութպոլի 18 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Մարզական Հաւաքի Մը Սկսաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի 18 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը երէկ սկսաւ մարզական հաւաքի մը, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այս հաւաքը իր աւարտին պիտի հասնի կիրակի, 22 մայիսին: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Խորէն Վերանեան:    

Անգլիական Ֆութպոլ.  Էվըրթըն Խուսափեցաւ  Բ. Դասակարգ Փոխադրուելէ

Անգլիական Ֆութպոլ. Էվըրթըն Խուսափեցաւ Բ. Դասակարգ Փոխադրուելէ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Էվըրթըն, որ հիւրընկալեց Քրիսթալ Փալասը, արձանագրելով 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, յաջողեցաւ մնալ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, լիվըրփուլեան կազմը, ապահովելով տարեշրջանի իր 39-րդ կէտը, վստահ եղաւ, որ 16-րդ դիրքէն աւելի վար դիրքի վրայ պիտի չգտնուի: Մրցումին 85-րդ վայրկեանին, երբ Էվըրթըն նշանակեց իր երրորդ կոլը, ակումբին համակիրները դաշտ խուժեցին`...

Ա. Էս. Ռոմա 80 Միլիոն Եւրօ  Կը Պահանջէ Իր Ֆութպոլիստին Համար

Ա. Էս. Ռոմա 80 Միլիոն Եւրօ Կը Պահանջէ Իր Ֆութպոլիստին Համար

Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, եթէ Արսենալ կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Ա. Էս. Ռոմային մաս կազմող 24 տարեկան անգլիացի Թեմի Ապրահամը, անոր փոխանցման համար պէտք է վճարէ 80 միլիոն եւրօ: Հակառակ անոր որ լոնտոնեան կազմը կ՛աշխատի նաեւ Մանչեսթըր Սիթիին մաս կազմող յառաջապահ Կապրիել Խեսուսը իր կազմին միացնել, սակայն Ապրահամի ուղղութեամբ աւելի կ՛աշխատի, որովհետեւ անոր այս փոխանցումը կը նկատէ բաւականին կարեւոր` իր...

2022-ի Մոնտիալ.  Առաջին Անգամ Ըլլալով Կին  Իրաւարարներ Նկատի Առնուեցան

2022-ի Մոնտիալ. Առաջին Անգամ Ըլլալով Կին Իրաւարարներ Նկատի Առնուեցան

Ինչպէս ծանօթ է, 21 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր Քաթարի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2022-ի Մոնտիալը: Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց  աւարտական հանգրուանի մրցումներուն 36 կեդրոնի իրաւարարներուն, անոնց 69 օգնականներուն, ինչպէս նաեւ «ՎԱՐ» համակարգին վրայ եղող 24 իրաւարարներուն անուանացանկը: Նշուեցաւ, որ կեդրոնի իրաւարարներուն կարգին են երեք կիներ, ինչ որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը պատահի Մոնտիալի պատմութեան մէջ:...

Պորուսիա Տորթմունտ Մնաց  Առանց Մարզիչի

Պորուսիա Տորթմունտ Մնաց Առանց Մարզիչի

«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պորուսիա Տորթմունտի ղեկավարութիւնը երէկ յայտնեց, որ իր համագործակցութիւնը դադրեցուց ակումբի գլխաւոր մարզիչ Մարքօ Ռոզէի հետ: Ակումբը յայտնեց, որ երկար խորհրդակցութիւններէ ետք այն եզրակացութեան եկաւ, որ երկու կողմերուն շահերը նկատի առնելով նախընտրելի է, որ ան հեռանայ իր պաշտօնէն: 45 տարեկան մասնագէտը խումբի մարզիչ նշանակուած էր 2021-ի ամրան: Անոր հետ Տորթմունտ այս տարեշրջանը աւարտեց 69 կէտով` հանդիսանալով փոխախոյեան:  

Լուքաքու Մտադիր Է  Վերադառնալ Ինթեր Միլան

Լուքաքու Մտադիր Է Վերադառնալ Ինթեր Միլան

Լոնտոնեան Չելսիի եւ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու մտադիր է այս ամրան ընթացքին վերադառնալ Ինթեր Միլան, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստը այդքան ալ նկատի չ՛առնուիր ակումբին գերմանացի մարզիչ Թոմաս Թուխելի կողմէ: Ան թէեւ ներկայիս Չելսիէն կը ստանայ տարեկան 14 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, սակայն Ինթեր վերադառնալով պիտի ստանայ առաւելագոյնը 7 միլիոն եւրօ: Լուքաքու...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Չեմփս-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 69-45

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Չեմփս-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 69-45

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 19 մայիսին, Հազմիէի մէջ գտնուող իր մարզադաշտին մէջ, Չեմփս հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 69-45 արդիւնքով: Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղի ընդմիջումին արդիւնքը այդքան ալ բարձր չէր (26-15), սակայն վերջին երկու քորթըրներուն երկու կազմերն ալ բաւական տպաւորիչ...

Page 399 of 1280 1 … 398 399 400 … 1,280

Արխիւներ