Մասնակցութեամբ 13 երկիրներու, 12-19 յունիսին Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը:
Կիսաւարտականին հասած չորս խումբերը կ՛ապահովեն աշխարհի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը. աւարտական հանգրուանի մրցումները պիտի կատարուին Մալակայի մէջ (Սպանիա), 2-10 յուլիսին:
Տեղի ունեցած վիճակաձգութեան, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը մաս կազմեց Բ. խմբակին, ուր իրեն մրցակից պիտի ունենայ Իրանն ու Ինտոնեզիան:
Ա. խմբակին մաս կազմեցին` Աւստրալիա, Պահրէյն, Հնդկաստան եւ Քաթար, Գ. խմբակին` ֆիլիփեան կղզիներ, Ճափոն եւ Քուէյթ, իսկ Դ. խմբակին` Հարաւային Քորէա, Նոր Զելանտա եւ Ղազախստան: