Հայ ֆութպոլիստ Էտկար Սեւիկեան, որ ռուսական անձնագիր ունի, նախորդ շաբաթավերջին հեռացաւ սպանական Լեւանթէ ֆութպոլի ակումբէն:
20 տարեկան միջնապահը, որ 2018-ին միացած էր Լեւանթէին, հիմնական կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ միայն երկու մրցումի:
Ներկայ դրութեամբ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 700 հազար եւրօ:
Նշենք, որ Էտկար Սեւիկեան եւ անոր եղբայրը` Էրիկ, որ մաս կը կազմէ Վալենսիայի, վերջերս համաձայն գտնուեցան միանալու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին: