Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ առաջին մրցումը:
Այս ճակատումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանարայի դաշտին մէջ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Ռիատիի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Իսմայիլ Ահմետ ստորագրեց ակումբին տոմարներուն վրայ:
Իսկ վաղը` կիրակի, տեղի պիտի ունենայ Սաժես Պէյրութ-Պէյրութ երկրորդ մրցումը, Ղազիրի դաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին: