Ինչպէս ծանօթ է, 21 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր Քաթարի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2022-ի Մոնտիալը:
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աւարտական հանգրուանի մրցումներուն 36 կեդրոնի իրաւարարներուն, անոնց 69 օգնականներուն, ինչպէս նաեւ «ՎԱՐ» համակարգին վրայ եղող 24 իրաւարարներուն անուանացանկը:
Նշուեցաւ, որ կեդրոնի իրաւարարներուն կարգին են երեք կիներ, ինչ որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը պատահի Մոնտիալի պատմութեան մէջ:
Այդ երեք կին իրաւարարներն են` Սթեֆանի Ֆրափար (Ֆրանսա), Սալիմա Մուքանսանկա (Ռուանտա) եւ Եոշիմա Եամաշիթա (Ճափոն):