Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի («ֆայնըլ ֆոր») մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 21 մայիսին, Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ առաջին մրցումը վերջ գտաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, 75-64 արդիւնքով (24-17, 17-22, 17-14 եւ 17-11):
Մրցումին եւ Ռիատիի ամէնէն շատ կէտը նշանակեցին Էլմետին Քիքանովիչ եւ Ամիր Սէուտ (17-ական կէտ), մինչ Տինամոյէն 16 կէտ նշանակեց Ալի Հայտար:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երկուշաբթի, 23 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:40-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, Պէյրութ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթած էր Սաժես Պէյրութին, երէկ յետմիջօրէին արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը Ղազիրի մէջ, 92-66 արդիւնքով (14-22, 11-31, 15-25 եւ 26-14):
Յաղթական կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուաէլ Արաքժի (22 կէտ), մինչ Սաժեսէն 23 կէտ նշանակեց Տուայն Ճեքսըն: