Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, եթէ Արսենալ կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Ա. Էս. Ռոմային մաս կազմող 24 տարեկան անգլիացի Թեմի Ապրահամը, անոր փոխանցման համար պէտք է վճարէ 80 միլիոն եւրօ:
Հակառակ անոր որ լոնտոնեան կազմը կ՛աշխատի նաեւ Մանչեսթըր Սիթիին մաս կազմող յառաջապահ Կապրիել Խեսուսը իր կազմին միացնել, սակայն Ապրահամի ուղղութեամբ աւելի կ՛աշխատի, որովհետեւ անոր այս փոխանցումը կը նկատէ բաւականին կարեւոր` իր յարձակողականը զօրացնելու նպատակով: