Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանը 91 կէտով աւարտած եւ երկրին ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Փորթօ նախորդ շաբաթավերջին տուպլէ մը իրագործեց, երբ Փորթուգալի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թոնտելայի դէմ:
Այսպիսով, Փորթօ դարձաւ մրցանշակիր` նկատի ունենալով, որ անիկա 18-րդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս մրցաշարքին տիտղոսը: