Նախանցեալ օր տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումները:
Լեռնային Արցախ, որ արդէն իսկ ապահոված էր ախոյեանի կոչումը, իր կատարած վերջին մրցումին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Արարատ-Արմենիա-2-ի դէմ:
Մրցումին աւարտին Լեռնային Արցախ ախոյեանութեան իր տիտղոսը ստացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Էտկար Մանուկեանէն: