Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Պարսելոնայի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, աւարտեցաւ աշխարհի գործող ախոյեան` Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, «Ռետ-Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդը գրաւեց վարորդներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 110 կէտ:
Քաթալոնիոյ այս կրան փրիին երկրորդ դիրքը գրաւեց Վերսթափենի խմբակից Սերճիօ Փերես, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Մերսետեսի վարորդ Ճորճ Ռասըլ:
Նշենք, որ յաջորդ կրան փրին տեղի պիտի ունենայ 29 մայիսին` Մոնաքոյի մէջ: Անիկա կը նկատուի աշխարհի ամէնէն դժուար կրան փրիներէն մէկը:


