«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պորուսիա Տորթմունտի ղեկավարութիւնը երէկ յայտնեց, որ իր համագործակցութիւնը դադրեցուց ակումբի գլխաւոր մարզիչ Մարքօ Ռոզէի հետ:
Ակումբը յայտնեց, որ երկար խորհրդակցութիւններէ ետք այն եզրակացութեան եկաւ, որ երկու կողմերուն շահերը նկատի առնելով նախընտրելի է, որ ան հեռանայ իր պաշտօնէն:
45 տարեկան մասնագէտը խումբի մարզիչ նշանակուած էր 2021-ի ամրան:
Անոր հետ Տորթմունտ այս տարեշրջանը աւարտեց 69 կէտով` հանդիսանալով փոխախոյեան: