Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Սլովան- Ժիլինա մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Մրցումին հաշիւը բացաւ Սլովանին մաս կազմող յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, 45-րդ վայրկեանին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 28 տարեկան յառաջապահ Բարսեղեան նախորդ յունուարին Ասթանայէն միացած էր Սլովանի:
Ան, իր կազմին հետ կատարեց 13 մրցում, նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:
Ինչպէս ծանօթ է, Սլովան հանդիսացաւ Սլովաքիոյ ֆութպոլի 2021-2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան տիտղոսակիր: