Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 19 մայիսին, Հազմիէի մէջ գտնուող իր մարզադաշտին մէջ, Չեմփս հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 69-45 արդիւնքով:
Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղի ընդմիջումին արդիւնքը այդքան ալ բարձր չէր (26-15), սակայն վերջին երկու քորթըրներուն երկու կազմերն ալ բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունենալով յաջողեցան աւելի շատ կէտեր նշանակել: