Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («փրեմիեր լիկ») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ երէկ յստակացաւ Անգլիոյ ախոյեանին անունը:
Մանչեսթըր Սիթի, որ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ասթոն Վիլային, հռչակուեցաւ 2021-2022 տարեշրջանի ախոյեան, կէտի մը տարբերութեամբ միայն գերազանցելով Լիվըրփուլին, որ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Վուլվզին:
Անոնք երկուքն ալ իրենց երէկուան յաղթանակը արձանագրեցին իրենց դաշտերուն վրայ:
Սիթի տարեշրջանը աւարտեց 93 կէտով, մինչ փոխախոյեան Լիվըրփուլ` 92 կէտով:
Վերջին երեք դիրքերը գրաւող կազմերը` Պըրնլի, Ուաթֆորտ եւ Նորուիչ Սիթի, փոխադրուեցան Բ. դասակարգ: