Պերլինի մէջ տեղի ունեցած Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, իրարու դէմ մրցեցան Լայփցիկ եւ Ֆրայպուրկ:
Մրցումին հիմնական 90, ինչպէս նաեւ երկարաձգման 30 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով, որմէ ետք դիմուեցաւ փենալթիներու:
Լայփցիկ արձանագրելով 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:
Այսպիսով, Լայփցիկ, Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումին, պիտի մրցի Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի դէմ:


