Լոնտոնեան Չելսիի եւ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու մտադիր է այս ամրան ընթացքին վերադառնալ Ինթեր Միլան, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստը այդքան ալ նկատի չ՛առնուիր ակումբին գերմանացի մարզիչ Թոմաս Թուխելի կողմէ:
Ան թէեւ ներկայիս Չելսիէն կը ստանայ տարեկան 14 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, սակայն Ինթեր վերադառնալով պիտի ստանայ առաւելագոյնը 7 միլիոն եւրօ:
Լուքաքու նախորդ ամրան ընթացքին Ինթերէն տեղափոխուած էր Չելսի: