Մարզական

Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում.  Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Յաղթեց Լիբանանի

Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Յաղթեց Լիբանանի

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Լիբանանի դէմ: Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Արայիկ Էլոյեան (8-րդ) եւ Կարէն Դաւթեան (98-րդ), իսկ Լիբանանի կոլը` Շետի Ճոնի (56-րդ): Երկու կազմերը այսօր` ուրբաթ, 27 մայիսին դարձեալ իրարու դէմ կը մրցին ֆետերասիոնին ֆութպոլի...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Հենրիխ Մխիթարեանի Կազմը` Ա. Էս. Ռոմա` Տիտղոսակիր

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Հենրիխ Մխիթարեանի Կազմը` Ա. Էս. Ռոմա` Տիտղոսակիր

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա քոնֆըրընս լիկ»-ի 2021-2022 տարեշրջանի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին, իրարու դէմ մրցեցան իտալական Ա. Էս Ռոման եւ Նետերլանտներու ներկայացուցիչ Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամը: Փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, դարձաւ տիտղոսակիր, իր մրցակիցին դէմ արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Նիքոլօ Զանիլօ` 32-րդ վայրկեանին: Հայաստանի ֆութպոլի...

Հայկական Ֆութպոլ.  Փիւնիկ Երեւան Հայաստանի Ախոյեան` 15-րդ Անգամ Ըլլալով

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Երեւան Հայաստանի Ախոյեան` 15-րդ Անգամ Ըլլալով

Վերջին անգամ 2015-ին Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Փիւնիկ Երեւան, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն (35-րդ) հիւրընկալեց Արարատը, նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 15-րդ անգամ ըլլալով հռչակուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան, այսպիսով բարելաւելով մրցանիշը: Արարատի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմին միակ կոլը նշանակեց փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապա` Սերժ Տեպլէ, 30-րդ վայրկեանին: 31 մրցումէ ետք, այժմ Փիւնիկ,...

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Կազմը

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Կազմը

29 մայիսին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ մարզական հաւաքի մը պիտի սկսի` պատրաստուելու համար «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստան յաջորդաբար պիտի մրցի Իրլանտայի (4 յունիս), Սկովտիոյ (8 յունիս), Ուքրանիոյ (11 յունիս) եւ Սկովտիոյ (14 յունիս) դէմ, յառաջիկայ ամսուան ընթացքին: Ստորեւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Խոաքին Քափարոսի կողմէ...

Ռաֆայէլ Նազարեան Հրապարակեց Հայաստանի Ֆութպոլի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Կազմը

Ռաֆայէլ Նազարեան Հրապարակեց Հայաստանի Ֆութպոլի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Կազմը

Եւրոպայի 2023-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը յունիսին մրցումներ ունի կատարելիք յաջորդաբար Մակեդոնիոյ (2 յունիս), Ֆրանսայի (6 յունիս) եւ Ուքրանիոյ (12 յունիս) դէմ: Զտումի այս մրցումներուն նախօրեակին, հայրենի կազմը 29 մայիսէն 14 յունիս,  Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ պիտի կատարէ մարզական հաւաք մը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հաւաքականի գլխաւոր...

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս»  Կարէն Խաչանով Ապահովեց Գ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս» Կարէն Խաչանով Ապահովեց Գ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգայի բաց մրցաշարքին Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ դասուած է 21-րդ, յաջողեցաւ ապահովել Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-3, 2-6, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք պոլիվիացի Ուկօ Տելիենի դէմ, Բ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին ընթացքին: Գ. հանգրուանի մրցումներուն Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ Երրորդ Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ Երրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ երրորդ մրցումը: Պէյրութ, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, արձանագրելով իր երրորդ յաղթանակը` 91-88 արդիւնքով (երկարաձգումէն ետք), ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, ուր իր դէմ կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ մրցումին յաղթականը: Նշենք, որ Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ երրորդ մրցումը տեղի...

Մխիթարեան Եւ Տիպալա Շատ  Հաւանաբար Միանան Ինթեր Միլանին

Մխիթարեան Եւ Տիպալա Շատ Հաւանաբար Միանան Ինթեր Միլանին

Ըստ իտալական մարզական մամուլին, Ա. Էս. Ռոմային եւ Եուվենթուսին մաս կազմող երկու անուանի ֆութպոլիստներ յաջորդ ամրան ընթացքին պիտի հեռանան իրենց ակումբներէն: Նշուեցաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան (Ա. Էս. Ռոմա) եւ արժանթինցի Փաուլօ Տիպալա (Եուվենթուս) իրենց ակումբները լքելով իբրեւ ազատ ֆութպոլիստներ պիտի միանան Ինթեր Միլանի: Նկատի ունենալով, որ անոնց երկուքին ալ ստորագրած պայմանագրութիւնը յառաջիկայ յուլիսին կը...

Ֆրանսական Ֆութպոլ.  Անխել Տի Մարիայի Վերջին Մրցումը`  Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Անխել Տի Մարիայի Վերջին Մրցումը` Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, երկրին ախոյեան հանդիսացած Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Մեսսին, անոր դէմ արձանագրեց 5-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն հեթրիքի հեղինակ դարձաւ Քիլիան Էմպափէ (24-րդ, 28-րդ եւ 50-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին պրազիլցի Նէյմար (31-րդ) եւ արժանթինցի Անխել Տի Մարիա (67-րդ): Բաւական յուզիչ վիճակ մը ունեցաւ Տի Մարիա` իր նշանակած կոլէն...

Գերմանական Ֆութպոլ.  Հերթա Պերլին Մնաց «Պունտըսլիկա»-ին Մէջ

Գերմանական Ֆութպոլ. Հերթա Պերլին Մնաց «Պունտըսլիկա»-ին Մէջ

Գերմանիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 16-րդ դիրքին վրայ գտնուող Հերթա Պերլինի եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ դիրքին վրայ գտնուող Համպուրկի միջեւ տեղի ունեցած փլէյ օֆի դարձի մրցումը վերջ գտաւ պերլինեան կազմին յաղթանակով, 2-0 արդիւնքով: Նշենք, որ երթի մրցումին Համպուրկ թէեւ իր մրցակիցի դաշտին վրայ արձանագրած էր 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, սակայն դարձի մրցումին իր դաշտին վրայ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն...

Մանչեսթըր Եունայթըտ  Ներկայացուց Իր Նոր Մարզիչը

Մանչեսթըր Եունայթըտ Ներկայացուց Իր Նոր Մարզիչը

«Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Մանչեսթըր Եունայթըտ ներկայացուց իր նոր մարզիչը` Էրիք տեն Հակը: Իր խօսքին մէջ, 52 տարեկան նետերլանտցի մասնագէտը ըսաւ. «Մենք կը փափաքինք որոշ դիրքեր ամրապնդել, բայց մեր գլխաւոր նպատակը ուշագրաւ ֆութպոլ խաղալ է: Կարեւորը այն է, որ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունիմ ակումբին ամբողջ անձնակազմին հետ: Պիտի աշխատինք մեր առաւելագոյնը տալ ակումբին համար»: Նշենք,...

Պորուսիա Տորթմունտ  Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Պորուսիա Տորթմունտ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 2021-2022 տարեշրջանը երկրորդ դիրքին վրայ աւարտած եւ երկրին փոխախոյեան հանդիսացած Պորուսիա Տորթմունտ ունեցաւ իր նոր գլխաւոր մարզիչը: Տորթմունտեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին մարզիչի պարտականութիւնը վստահուեցաւ գերմանացի Էտին Թերզիչի: Ան այսպիսով փոխարինեց Մարքօ Ռոզը, որ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ նախորդ 20 մայիսին պաշտօնանկ եղաւ: Նշենք, որ 39 տարեկան Թերզիչ նախապէս եղած էր ակումբի ժամանակաւոր մարզիչի պաշտօնակատար,...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Ռաֆայէլ Նատալ Շրջանցեց  Ա. Հանգրուանի Արգելքը

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Ռաֆայէլ Նատալ Շրջանցեց Ա. Հանգրուանի Արգելքը

Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 21 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիրացած սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ, Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ 6-2, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց աւստրալիացի Ճորտըն Թոմսընին, 2 ժամ եւ 4 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք: Այսպիսով, 35 տարեկան Նատալ կրան շլեմի մրցաշարքերուն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տինամօ-Ռիատի Պէյրութ` 73-88.Այսօր` Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ 3-րդ Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տինամօ-Ռիատի Պէյրութ` 73-88.Այսօր` Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ 3-րդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի («ֆայնըլ ֆոր») մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ Տինամօ-Ռիատի Պէյրութ երկրորդ ճակատումը: Ինչպէս ծանօթ է, երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ Մանարայի մէջ, աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով, 75-64 արդիւնքով: Երէկուան մրցումը, որուն ընթացքը եղաւ բաւական հետաքրքրական, աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով, 88-73 արդիւնքով: Ինչ...

Երեւանի Մէջ Պաշտօնական Բացում`  Եւրոպայի Կռփամարտի Ախոյեանութեան

Երեւանի Մէջ Պաշտօնական Բացում` Եւրոպայի Կռփամարտի Ախոյեանութեան

Կիրակի, 22 մայիսին, Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 39 երկիրներէ շուրջ 250 կռփամարտիկներ: Հայաստանի դրօշակակիրն էր կռփամարտիկ Նարեկ Մանասեան: Հիւր երկիրները ողջունեցին ախոյեանութեան կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Յովհաննէս Յովսէփեան, միջազգային կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Ումար Քրեմլիով, Եւրոպայի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ...

Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականը Սկսաւ Մարզական Հաւաքի Մը

Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Սկսաւ Մարզական Հաւաքի Մը

Շաբաթ, 21 մայիսին, Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ մարզական հաւաքի մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 27 մայիս, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հաւաքին ծիրին մէջ, հայրենի կազմը, Երեւանի մէջ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Լիբանանի դէմ, 25 եւ 27 մայիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Նշենք, որ...

Հայ Ճատրակ Խաղացողները Կը Մասնակցին  Շարժայի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայ Ճատրակ Խաղացողները Կը Մասնակցին Շարժայի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողները, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: Բ. հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, այժմ 1,5-ական կէտ ապահոված են Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Արամ Յակոբեան: Մէկական կէտ ունին Գաբրիէլ Սարգսեան, Շանթ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան: Կէս կէտ ապահոված է Արթուր Դաւթեան, մինչ Մամիկոն Ղարիբեան ցարդ որեւէ կէտ...

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս».  Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս». Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Նախորդ շաբաթավերջին, սկսաւ Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութիւնը` «Ռոլան-Կարոս»-ը, երբ կատարուեցան յայտագիրին վրայ գտնուող տղոց եւ աղջկանց Ա. հանգրուանի բազմաթիւ մրցումները: Ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ դասուած է 24-րդ, Ա. հանգրուանին մրցեցաւ փորթուգալցի Նունու Պորկեսի դէմ (126-րդ) եւ արձանագրեց 6-3, 2-6, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 2 ժամ եւ 26 վայրկեան: Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Խաչանովի մրցակիցը...

Քիլիան Էմպափէ Մինչեւ 2025`  Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Քիլիան Էմպափէ Մինչեւ 2025` Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ ի վերջոյ որոշում մը կայացուց իր ապագային վերաբերեալ, երբ իր գործող պայմանագրութիւնը Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ երկարաձգեց մինչեւ 30 յունիս 2025: Մայրաքաղաքի կազմէն անոր հեռացման լուրերը վերջին շրջանին բաւական աշխուժացած էին, եւ կար այն կարծիքը, որ ան միանայ Ռէալ Մատրիտին` նկատի ունենալով, որ արքայական ակումբը անոր փոխանցման համար հսկայական գումարներ պատրաստ էր վճարելու: 23 տարեկան...

«Քալչիօ».  Ա. Սէ. Միլան Հանդիսացաւ Իտալիոյ  Ֆութպոլի Ախոյեան

«Քալչիօ». Ա. Սէ. Միլան Հանդիսացաւ Իտալիոյ Ֆութպոլի Ախոյեան

11 տարուան սպասումէ մը ետք, Ա. Սէ. Միլան հանդիսացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, երբ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սասուոլոյի դաշտէն: Իտալացի Սթեֆանօ Փիոլիի գլխաւորած կազմը իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք ունեցաւ 86 կէտ եւ երկու կէտի տարբերութեամբ գերազանցեց Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմը` Ինթեր Միլանը, որ իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց` 3-0 արդիւնքով պարտութեան...

Page 398 of 1280 1 … 397 398 399 … 1,280

Արխիւներ