Երէկ` ուրբաթ, 20 մայիսին, Հայաստանի արհեստավարժ կռփամարտի հաւաքականը մեկնեցաւ Մեքսիքա, ուր պիտի մասնակցի միջազգային մրցաշարքի մը, այս մասին յայտնեց ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ հայրենի կազմը այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 9 դասակարգի մրցումներուն` տասը մարզիկով, ինչ որ կը նկատուի մեծ թիւ:
Հաւաքականը Մեքսիքա մեկնեցաւ մարզիչներ Գարիկ Բաղդասարեանի եւ Հայկ Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ:
Մեքսիքա կը գտնուի նաեւ Հայաստանի արհեստավարժ կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Գառնիկ Յարութիւնեան: