Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ` 1-0

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ` 1-0

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի («ֆայնըլ ֆոր») առաջին մրցումին, Պէյրութ, որ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաժես Պէյրութը, անոր դէմ արձանագրեց 83-57 արդիւնքով յաղթանակ մը (28-16, 19-14, 22-13 եւ 14-14): Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին խմբապետ Հայկ Կէօքճեան (14 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Սալեհ Մաժտի (18 կէտ, 12 ռիպաունտ), մինչ անոնց խմբակից Ուաէլ Արաքժի նշանակեց 19 կէտ: Իսկ...

Երեք Անուանի Ակումբներ  Հետաքրքրուած` Մխիթարեանով

Երեք Անուանի Ակումբներ Հետաքրքրուած` Մխիթարեանով

Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ցարդ չէ երկարաձգած իր պայմանագրութիւնը Ա. Էս. Ռոմայի հետ, եւրոպական երեք անուանի ակումբներ բաւական մօտէն հետաքրքրուած են հայրենի ֆութպոլիստով: Նշուեցաւ, որ Ինթեր Միլանի մարզիչ Սիմոնէ Ինցակի, որ մեծ համակրանք ունի հայ ֆութպոլիստին նկատմամբ, անոր ապագան կը տեսնէ իր կազմին հետ: Մխիթարեանով հետաքրքրուած են նաեւ Նափոլի, Թոթենհամ, ինչպէս նաեւ Ասթոն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ուորիըրզ Եւ Հիթ Յաղթական`  Աւարտականի Առաջին Մրցումին

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ Եւ Հիթ Յաղթական` Աւարտականի Առաջին Մրցումին

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւելեան եւ արեւմտեան շրջանի աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումին, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ եւ Մայեմի Հիթ յաղթանակներ արձանագրեցին: Արեւմտեան շրջանին մէջ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ մրցեցաւ Տալաս Մավըրիքսի դէմ, արձանագրեց 112-87 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Սթեֆըն Քարի (21 կէտ եւ 12 ռիպաունտ): Իսկ Տալասէն 20 կէտ նշանակեց սլովենիացի Լուքա Տոնքիչ: Ինչ կը վերաբերի...

«Եուրոփա Լիկ».  Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ  Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

«Եուրոփա Լիկ». Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Սպանական Սեւիլլա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին իրարու դէմ մրցեցան գերմանական Այնթրախթ Ֆրանքֆորթն ու սկովտիական Կլասքօ Ռէյնճըրզը: Ֆրանքֆորթ յաջողեցաւ տիտղոսին տիրանալ, երբ փենալթիներով արձանագրեց 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ նախքան փենալթիները, մրցումին 90 եւ ապա 30 վայրկեանները աւարտած էին 1-1 արդիւնքով: Նախորդ անգամ Ֆրանքֆորթ աւարտական հանգրուան հասած էր 42 տարի առաջ, երբ դարձած...

«Ֆորպս».  Պարսելոնա` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

«Ֆորպս». Պարսելոնա` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Ամերիկեան միջազգային հանրածանօթ վիճակագրութիւններ կատարող «Ֆորպս» ընկերութեան կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը նշէ, որ աշխարհի ֆութպոլի ամէնէն հարուստ ակումբներու դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Պարսելոնա, որուն արժէքը կը գնահատուի 4,76 միլիառ եւրօ: Երկրորդ դիրքին վրայ է Ռէալ Մատրիտ (4,75 միլիառ եւրօ), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Պայէրն Միւնիխ (4,21 միլիառ եւրօ): Յաջորդաբար 4-էն 8-րդ դիրքը կը գրաւեն անգլիական ակումբները` Մանչեսթըր...

Օպամեյանկ Աւարտեց Ֆութպոլիստի  Իր Միջազգային Ասպարէզը

Օպամեյանկ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Միջազգային Ասպարէզը

Պարսելոնային մաս կազմող 32 տարեկան յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր միջազգային ասպարէզին` Կապոնի ազգային խումբին հետ: Օպամեյանկ Կապոնի ազգային խումբին հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2009-էն ի վեր: Ան 72 մրցումի ընթացքին նշանակած է 30 կոլ: Կապոնի հետ ան չորս անգամ մասնակցած է ափրիկեան ազգերու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին` անոր հետ իր լաւագոյն արդիւնքը արձանագրելով 2012-ին,...

Փոկպա Շատ Հաւանաբար  Տեղափոխուի «Պունտըսլիկա»

Փոկպա Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի «Պունտըսլիկա»

Մանչեսթըր Եունայթըտի մաս կազմող միջնապահ Փոլ Փոկպա, որ գալիք ամրան ընթացքին պիտի դառնայ ազատ ֆութպոլիստ` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը կը հասնի իր աւարտին` մանչեսթըրեան ակումբին հետ, շատ հաւանական է, որ տեղափոխուի «Պունտըսլիկա»: Ըստ ոչ հաւաստի աղբիւրներու, ֆրանսացի ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած է Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ: Փոկպայով հետաքրքրուած են նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, Ռէալ Մատրիտ եւ Մանչեսթըր Սիթի:...

Տիեկօ Մարատոնայի Մարզաշապիկը  Ծախուեցաւ 8,5 Միլիոն Եւրոյի

Տիեկօ Մարատոնայի Մարզաշապիկը Ծախուեցաւ 8,5 Միլիոն Եւրոյի

Արժանթինցի անուանի ֆութպոլիստ Տիեկօ Մարատոնայի մարզաշապիկը առցանց աճուրդով ծախուեցաւ 8,5 միլիոն եւրոյի (7,14 միլիոն փաունտ): Անոր մեկնարկային գինը սկսաւ 4,98 միլիոն փաունտով: Այդ մարզաշապիկով Մարատոնա 1986-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումին, Անգլիոյ դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (2-1) ձեռքով նշանակած էր կոլ մը, որ սակայն  չէր տեսնուած օրուան իրաւարարին կողմէ: Վերջին 35 տարիներուն այդ մարզաշապիկը կը պատկանէր  Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային...

Մեսսիի Մարզաշապիկը Աճուրդով  Ծախուեցաւ 427 Հազար Եւրոյի

Մեսսիի Մարզաշապիկը Աճուրդով Ծախուեցաւ 427 Հազար Եւրոյի

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի մարզաշապիկը աճուրդով ծախուեցաւ 427 հազար եւրոյի, այս մասին յայտնեց սպանական «Մարքա» մարզական օրաթերթը: Այդ մարզաշապիկով Լիոնել Մեսսի Պարսելոնայի հետ 23 ապրիլ 2017-ին Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին նշանակած էր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին 500-րդ կոլը: Իր կազմին արձանագրած վերոնշեալ յաղթանակէն ետք (3-2), Մեսսի, որ տուպլէ մը իրագործած...

«Նայքի» Ընկերութիւնը Դադրեցուց  Իր Համագործակցութիւնը  Սպարտակ Մոսկուայի Հետ

«Նայքի» Ընկերութիւնը Դադրեցուց Իր Համագործակցութիւնը Սպարտակ Մոսկուայի Հետ

Միջազգային մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ ամերիկեան «Նայքի» մարզական պիտոյքներ արտադրող հանրածանօթ ընկերութիւնը իր համագործակցութիւնը դադրեցուց ռուսական Սպարտակ Մոսկուա ֆութպոլի ակումբին հետ: Ինչպէս ծանօթ է, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին որոշումով, ռուսական ակումբներուն արգիլուեցաւ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն մասնակցիլ, ռուսական զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման պատճառով: Նշենք, որ «Նայքի» 2005-էն ի վեր Սպարտակ Մոսկուայի գործընկերն էր:  

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Մրցանշային  Հասոյթ Մը Ունեցաւ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Մրցանշային Հասոյթ Մը Ունեցաւ

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կայքը յայտնեց, որ 2021-2022 թուականներուն մրցաշարքեր կազմակերպելով, կազմակերպութիւնը ապահոված է 5,7 միլիառ եւրոյի հասոյթ մը, ինչ որ կը նկատուի մրցանշային: Նախկին մրցանիշը արձանագրուած էր 2015-2016 թուականներու մրցաշարքերուն ընթացքին` 4,58 միլիառ եւրօ: 2020-2024 թուականներուն «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի անդամ երկիրներու ազգային ֆետերասիոնները պիտի ստանան 775 միլիոն եւրօ, ֆութպոլի զարգացման ծրագիրներու համար:...

Արման Փաշիկեան Նշանակուեցաւ Հայաստանի  Ճատրակի Տղոց Ազգային Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչ

Արման Փաշիկեան Նշանակուեցաւ Հայաստանի Ճատրակի Տղոց Ազգային Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչ

Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը երէկ վստահուեցաւ կրանտմասթըր Արման Փաշիկեանին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան ըսաւ, որ շատ սիրայօժար ընդունած է իրեն ներկայացած այս առաջարկը, մանաւանդ որ Լեւոն Արոնեանի` հաւաքականէն հեռանալէն ետք, այժմ հայրենի կազմը աւելիով բոլորին օժանդակութեան պէտք ունի, որպէսզի դարձեալ ունենայ իր անցեալի փառքի օրերը: Փաշիկեան աւելցուց ըսելով, որ ոչ մէկ...

Երեւանի 171-րդ Հիմնական Դպրոցը  Անուանակոչուեցաւ Կարէն Ասրեանի Անունով

6-16 Յունիսին. Կարէն Ասրեանի Անուան Ճատրակի 13-րդ Միջազգային Յուշամրցաշարքը

Ինչպէս ծանօթ է, 6-16 յունիսին տեղի պիտի ունենայ հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Ասրեանի անուան ճատրակի 13-րդ միջազգային յուշամրցաշարքը: Երէկուան դրութեամբ, անոր իրենց մասնակցութիւնը բերելու իրենց հաւանութիւնը տուին 8 երկիրներէ 55 ճատրակ խաղացողներ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ցարդ կը նշուին կրանտմասթըրներ Հրանդ Մելքումեանի, Սամուէլ Տէր Սահակեանի, Զաւէն Անդրէասեանի, Սեթուրամանի (Հնդկաստան) եւ Թամազ Կելաշվիլիի (Վրաստան) անունները: Իր ունեցած վարկանշային...

Կռփամարտ.  Հայրենի Մարզիկները 4 Մետալի  Տիրացան Էսթոնիոյ Մէջ

Կռփամարտ. Հայրենի Մարզիկները 4 Մետալի Տիրացան Էսթոնիոյ Մէջ

Էսթոնիոյ մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստան յաջողեցաւ տիրանալ 4 մետալի, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստանի համար ոսկի մետալ ապահովեց Ռուբէն Գարբոյեան (54 քկ), մինչ արծաթէ մետալի տիրացան Արմէն Ղուշչեան (51 քկ), Յարութիւն Յակոբկոխեան (67 քկ) եւ Տիգրան Մելքոնեան (71 քկ): Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 6 երկիրներէ ներկայացուցիչներ: Հայրենի մարզիկները Էսթոնիոյ մէջ...

Վահան Բիչախչեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի  Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Վահան Բիչախչեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Լեհական Փոկոն ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող միջնապահ Վահան Բիչախչեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Գիւմրեցի միջնապահը, հաւաքականին միանալով, այսպիսով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ յունիսին սկսելիք Ազգերու լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքին, երբ հայրենի կազմը կատարէ չորս մրցում: 4 յունիսին Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Իրլանտան, չորս օր ետք հիւրը պիտի ըլլայ Սկովտիոյ, մինչ երեք օր ետք...

Սպանիոյ Գերբաժակի Մրցաշարքին  Կիսաւարտականի Զոյգերը

Սպանիոյ Գերբաժակի Մրցաշարքին Կիսաւարտականի Զոյգերը

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ յունուար 2023-ին, Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ չորս խումբերու: Այդ չորս խումբերն են` Ռէալ Մատրիտ (երկրի ախոյեան), Ռէալ Պեթիս (Սպանիոյ բաժակակիր), Պարսելոնա (երկրի փոխախոյեան) եւ Վալենսիա (բաժակի աւարտականի մասնակից): Կիսաւարտականի մրցումներուն, Ռէալ Պեթիս պիտի մրցի Պարսելոնայի դէմ, իսկ Ռէալ Մատրիտ` Վալենսիայի դէմ: Պարսելոնա այս մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած...

Ռուսիա Եւ Պիելոռուսիա Զրկուեցան 2026-ի  Եւ 2028-ի Ողիմպիական Խաղերը  Պատկերասփռելու Իրաւունքէն

Ռուսիա Եւ Պիելոռուսիա Զրկուեցան 2026-ի Եւ 2028-ի Ողիմպիական Խաղերը Պատկերասփռելու Իրաւունքէն

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ պատկերասփիւռի կայաններուն արգիլուեցաւ 2026-ի ձմեռնային եւ 2028-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը պատկերասփռել: Բնականաբար ասիկա հետեւանք է Ռուսիոյ զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման: 2026-ի ձմեռնային խաղերը տեղի պիտի ունենան իտալական Միլանօ եւ Քորթինա քաղաքներուն մէջ, իսկ 2028-ի ամառնային խաղերը` Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ):

Պարսելոնա 65 Միլիոն  Եւրօ Առաջարկեց Ռաֆինիայի Համար

Պարսելոնա 65 Միլիոն Եւրօ Առաջարկեց Ռաֆինիայի Համար

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Պարսելոնա ակումբը 65 միլիոն եւրօ առաջարկեց իր կազմին միացնելու համար անգլիական Լիծ Եունայթըտի պրազիլցի միջազգային միջնապահ Ռաֆինիան, որ իր կարգին համաձայն է ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել քաթալոնական կազմին հետ: Ընթացիկ տարեշրջանին 25 տարեկան ֆութպոլիստը Լիծ Եունայթըտի հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 28 մրցումի, նշանակած 9 կոլ եւ կատարած 3 էսիսթ: Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը Լիծի...

Քլոփ. «Սալահ Եւ Վան Տիյք Պատրաստ  Պիտի Ըլլան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Աւարտականին»

Քլոփ. «Սալահ Եւ Վան Տիյք Պատրաստ Պիտի Ըլլան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Աւարտականին»

Լիվըրփուլի գերմանացի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ եւ նետերլանտցի յետսապահ Վիրճիլ Վան Տիյք ներկայիս թէեւ վնասուածքներ ունին, սակայն անոնք մինչեւ 28 մայիս ապաքինելով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ գտնուող «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին մէջ: Անոնք...

39 Տարեկան Տենի Ալվես Դարձեալ Հրաւիրուեցաւ  Պրազիլի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

39 Տարեկան Տենի Ալվես Դարձեալ Հրաւիրուեցաւ Պրազիլի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Պարսելոնային մաս կազմող 39 տարեկան յետսապահ Տենի Ալվես դարձեալ հրաւիրուեցաւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբ, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նախորդ ամառ, Պարսելոնա վերադառնալէն ետք, Ալվես երրորդ անգամ ըլլալով է, որ կը հրաւիրուի Պրազիլի ազգային խումբ: Նշենք, որ յառաջիկայ յունիսին, Պրազիլի ազգային խումբը, դէպի Ասիա կը կատարէ շրջագայութիւն մը: 2022-ի Մոնտիալին իր տոմսը ապահոված Պրազիլ 2 յունիսին կը մրցի...

Page 400 of 1280 1 … 399 400 401 … 1,280

Արխիւներ