Մարզական

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պատրաստ Է Զիտանը  Դարձնել Աշխարհի Ամէնէն Բարձր  Վարձատրուող Մարզիչը

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պատրաստ Է Զիտանը Դարձնել Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող Մարզիչը

Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն կը շարունակէ իր աշխատանքը` փորձելով համոզել Զինետտին Զիտանը, որ ան ստանձնէ ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը: Եթէ ան համաձայնի ստանձնել մայրաքաղաքի կազմին մարզիչի պաշտօնը, պիտի դառնայ աշխարհի ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիչը` տարեկան ստանալով 25 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Ներկայիս, աշխարհի ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիչն է Տիեկօ Սիմէոնէ (տարեկան 24 միլիոն եւրօ): Ըստ...

Իվան Փերիսիչ Միացաւ  Թոթենհամին

Իվան Փերիսիչ Միացաւ Թոթենհամին

Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ինթեր Միլանի միջնապահ Իվան Փերիսիչ, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Թոթենհամի հետ, այս մասին պաշտօնապէս յայտնեց լոնտոնեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Փորձառու միջնապահին պայմանագրութիւնը միլանեան ակումբին հետ իր աւարտին կը հասնի 1 յուլիսին: Ան պէտք է սպասէ մինչեւ իր պայմանագրութեան աւարտը, որպէսզի միանայ իր նոր ակումբին: Նշենք, որ ան մինչեւ 2024-ի ամառը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց...

Էսփանիոլ Ունեցաւ  Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Էսփանիոլ Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Սպանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Էսփանիոլի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ սպանացի 41 տարեկան Տիեկօ Մարթինես նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ: Ան 2022-2023 տարեշրջանին պիտի ըլլայ քաթալոնական ակումբին մարզիչը: Մարթինես Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ին մէջ բաւական լաւ փորձառութիւն ունի: 2014-2017 ժամանակամիջոցին ան եղած է Սեւիլլայի մարզիչը, 2017-2018-ին գլխաւորած է Օսասունան, իսկ 2018-2021 թուականներուն` Կրանատան: Նշենք, որ նախորդ 13...

Մանուէլ Նէօյըր Իր Պայմանագրութիւնը  Երկարաձգեց Պայէրն Միւնիխի Հետ

Մանուէլ Նէօյըր Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Պայէրն Միւնիխի Հետ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց միւնիխեան կազմին հետ: 36 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024, նշուեցաւ ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: Նէօյըր, որ 2011-ին Շալքէէն տեղափոխուեցաւ Պայէրն Միւնիխ, 2017-ին դարձաւ ակումբին խմբապետը: Ան իր կազմին հետ 10 անգամ հանդիսացած է Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան, 5 անգամ` երկրի բաժակակիր, իսկ...

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս».  Նատալ Յաղթեց Ճոքովիչին

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս». Նատալ Յաղթեց Ճոքովիչին

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ կատարուող Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի քառորդ աւարտականի հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 21 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ յաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտական հանգրուանի իր տոմսը, երբ բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց աշխարհի թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի դէմ` 6-2, 4-6, 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 4...

Ճատրակ. Լիբանանի Անհատական  Ախոյեանութիւն.  Ճիօ Գալուստ Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Ճատրակ. Լիբանանի Անհատական Ախոյեանութիւն. Ճիօ Գալուստ Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի ճատրակի դասական 47-րդ անհատական ախոյեանութիւնը, «Քաշ Մաթ» կեդրոնին մէջ: Արձանագրելով 5 յաղթանակ եւ 4 հաւասարութիւն` Ճիօ Գալուստ առանց պարտութիւն կրելու ապահովեց 7 կէտ եւ հանդիսացաւ փոխախոյեան: Ախոյեան հանդիսացաւ Ամրօ Ժաուիշ` ապահովելով 7,5 կէտ: Նշենք, որ Ճիօ Գալուստ, որ մրցաշարքին մասնակցած միակ հայն էր, փոխախոյեան հանդիսանալուն շնորհիւ ստացաւ մօտաւորապէս 44 վարկանշային կէտ:...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Յովհաննէս Բաչքով` Եւրոպայի Եռակի Ախոյեան

Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Յովհաննէս Բաչքով` Եւրոպայի Եռակի Ախոյեան

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան 63,5 քկ դասակարգի աւարտական հանգրուանի մրցումին, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեանութեան եռակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեանութեան եւ եւրոպական խաղերու յաղթական գիւմրեցի Յովհաննէս Բաչքով 5-0 արդիւնքով յաղթելով ֆրանսացի Լունես Համրաուի, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան (եւրոպական խաղերուն մէջ ընդգրկուած կռփամարտը այդ տարի կը փոխարինէր Եւրոպայի ախոյեանութիւնը): 57 քկ...

Ճատրակ.  Հայրենի Վարպետներուն Արդիւնքները`  Շարժա-Մասթըրզի Մրցաշարքին

Ճատրակ. Հայրենի Վարպետներուն Արդիւնքները` Շարժա-Մասթըրզի Մրցաշարքին

20-30 մայիսին Շարժայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Շարժա-Մասթըրզ ճատրակի 2022-ի միջազգային մրցաշարքը: Անոր Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 ճատրակ խաղացողներ, 9-ը` «Մասթըրզ»-ի, իսկ մէկը` «Չելընճ»-ի մրցաշարքին: Անոնց մէջ լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց Հայկ Մարտիրոսեան, որ կիսեց 3-4-րդ դիրքերը եւ 15,2 կէտով բարելաւեց իր վարկանշային ցուցանիշը (այժմ` 2752): Տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ Արթուր Դաւթեան, որ ամբողջացուց կրանտմասթըրի իր...

Աթլեթիզմ.  Լեւոն Աղասեան Ոսկիէ Մետալակիր`  Յունաստանի Մէջ

Աթլեթիզմ. Լեւոն Աղասեան Ոսկիէ Մետալակիր` Յունաստանի Մէջ

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ աթլեթիզմի երեք քայլ ոստումի մրցումներուն մասնակցող կապանցի Լեւոն Աղասեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Կրետէ (Յունաստան) քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աթլեթիզմի միջազգային մրցաշարքին: Հայաստանի յառաջատար մարզիկը, արձանագրելով 16,64 մեթր արդիւնք մը, տիրացաւ ոսկիէ մետալին: Նշենք, որ Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականը 15 ներկայացուցիչ պիտի ունենայ 11 յունիսին Մալթայի մէջ սկսելիք Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան, որուն պիտի...

Արման Յովհաննիսեան  Հեռացաւ Փիւնիկէն

Արման Յովհաննիսեան Հեռացաւ Փիւնիկէն

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող յետսապահ Արման Յովհաննիսեան հեռացաւ կազմէն` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ Հայաստանի նորընծայ ախոյեանին հետ: 28 տարեկան ֆութպոլիստը, որ յունուար 2021-ին միացած էր Փիւնիկին, անոր հետ դաշտ ներկայացաւ 20 մրցումի ընթացքին` կատարելով էսիսթ մը միայն: Ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` միեւնոյն ժամանակ ալ յաջողութիւն մաղթելով...

23 Տարուան Բացակայութենէ Մը Ետք.  Նոթինկհամ Ֆորեսթ Վերադարձաւ  «Փրեմիեր Լիկ»

23 Տարուան Բացակայութենէ Մը Ետք. Նոթինկհամ Ֆորեսթ Վերադարձաւ «Փրեմիեր Լիկ»

Կիրակի, 29 մայիսը յիշատակելի օր մը եղաւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի համար, որ Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հատըրսֆիլտին, իրաւունք ստացաւ 2022-2023 տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերելու «Փրեմիեր Լիկ»-ին: Մրցումին 43-րդ վայրկեանին, Լեւի Քոլուիլ պատճառ դարձաւ, որ իր կազմը` Հատըրսֆիլտ պարտութիւն մը կրէ «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ` սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակելով: Այսպիսով,...

Իտալական Ֆութպոլ.  Մոնծա Պատմութեան Մէջ Առաջին  Անգամ Ըլլալով` «Քալչիօ»-ի Մէջ

Իտալական Ֆութպոլ. Մոնծա Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` «Քալչիօ»-ի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին, Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ օֆի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մոնծա 4-3 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Փիզայի դաշտէն: Մոնծա, որ երթին եւս յաղթանակ արձանագրած էր Փիզայի դէմ (2-1), այսպիսով 2022-2023 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան («Քալչիօ») մէջ: Նշենք, որ անիկա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը բարձրանայ «Քալչիօ»:  

Ֆրանսական Ֆութպոլ.  Սենթ Էթիեն Փոխադրուեցաւ Բ. Դասակարգ

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Սենթ Էթիեն Փոխադրուեցաւ Բ. Դասակարգ

Ֆրանսայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ դիրքին վրայ գտնուող Սենթ Էթիենի եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան երրորդ դիրքը գրաւող Օքսեռի միջեւ տեղի ունեցած փլէյ օֆի դարձի մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ ոչ մարզավայել կեցուածք` Սենթ Էթիենի համակիրներուն կողմէ: Երթի արդիւնքին նման, դարձի այս մրցումը եւս վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ, որմէ ետք դիմուեցաւ փենալթիներու: Օքսեռ, արձանագրելով 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը, բարձրացաւ Ա....

Պենզեմա Առաջին Անգամ Ըլլալով  «Լա Լիկա»-ի Ռմբաձիգ

Պենզեմա Առաջին Անգամ Ըլլալով «Լա Լիկա»-ի Ռմբաձիգ

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») 2021-2022 տարեշրջանը: Ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ իր ակումբին հետ հանդիսացաւ Սպանիոյ ախոյեան, ատկէ բացի այլ կարեւոր իրագործում մըն ալ կատարեց, երբ հանդիսացաւ երկրին լաւագոյն ռմբաձիգը` 32 մրցումի ընթացքին նշանակելով 27 կոլ: Այսպիսով, Պենզեմա, որ 2009-էն ի վեր մաս կը կազմէ արքայական ակումբին, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Սելթիքս` Արեւելեան, Իսկ Ուորիըրզ`  Արեւմտեան Շրջանի Ախոյեան

«Էն. Պի. Էյ.» Սելթիքս` Արեւելեան, Իսկ Ուորիըրզ` Արեւմտեան Շրջանի Ախոյեան

Մայեմիի մէջ տեղի ունեցաւ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւելեան շրջանի Մայեմի Հիթ-Պոսթըն Սելթիքս մրցումին 7-րդ եւ վերջին ճակատումը: Վճռորոշ այս մրցումը աւարտեցաւ Սելթիքսի յաղթանակով` 100-96 արդիւնքով, անիկա այսպիսով 4-3 արդիւնքով տարաւ վերջնական յաղթանակը: Սելթիքսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ճէյսըն Թաթում (26 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), մինչ Հիթէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճիմի Պաթլըր (35): Այսպիսով, Պոսթըն Սելթիքս, որ հանդիսացաւ արեւելեան...

«Ֆորմիւլա-1».  Մեքսիքացի Փերեզ Յաղթական`  Մոնաքոյի Կրան Փրիին

«Ֆորմիւլա-1». Մեքսիքացի Փերեզ Յաղթական` Մոնաքոյի Կրան Փրիին

Կիրակի, 29 մայիսին տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան 7-րդ կրան փրին, Մոնաքոյի Մոնթէ Քարլոյի վազքուղիին վրայ: Անիկա աւարտեցաւ «Ռետ Պուլ»-ի մեքսիքացի վարորդ Սերճիօ Փերեզի յաղթանակով, որ 64 լեփ ունեցող այս կրան փրիին արձանագրեց 1 ժամ 56' 30'' արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը 1'' 154 ուշացումով գրաւեց «Ֆեռարի»-ի վարորդ Քարլոս Սայնց (Սպանիա), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Փերեսի խմբակից նետերլանտցի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ-ի Աղջկանց Խումբերը  Պարտութիւն Կրեցին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Աղջկանց Խումբերը Պարտութիւն Կրեցին

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի կազմերը նախորդ շաբաթավերջին պարտութիւն կրեցին: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ Մանարայի մէջ հիւրը եղաւ Ռիատի Պէյրութին, կրեց 108-35 արդիւնքով պարտութիւն մը: Իսկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) մրցեցաւ Անդրանիկ Պէյրութի դէմ, անկէ կրեց 47-43 արդիւնքով պարտութիւն մը: Նշենք, որ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ քաշուեցաւ ախոյեանութենէն:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ  Աւարտական Առաջին Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ Աւարտական Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 31 մայիսին, երբ Շիահի մարզադաշտին վրայ ժամը 21:40-ին Պէյրութ կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը: Նախորդ շաբաթավերջին Ռիատի Պէյրութ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, երբ Տինամոյի դէմ իր կատարած չորրորդ մրցումին արձանագրեց 73-64 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ 3-1 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը: Տինամոյէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ալի Հայտար (28...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ռէալ Մատրիտ Տիտղոսակիր`  14-րդ Անգամ Ըլլալով

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Տիտղոսակիր` 14-րդ Անգամ Ըլլալով

Շաբաթ, 28 մայիսին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ գտնուող «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտ եւ Անգլիոյ փոխախոյեան Լիվըրփուլ: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ մրցումը 38 վայրկեան ուշացումով սկսաւ` նկատի ունենալով, որ դաշտէն դուրս կատարուեցան անկարգութիւններ անգլիացի համակիրներուն եւ ապահովութեան հսկող մարմիններուն միջեւ: Ըստ ֆրանսական...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ` 59-74

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ` 59-74

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի («ֆայնըլ ֆոր») մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ երրորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Մանարայի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ պարտութեամբ` 74-59 արդիւնքով (26-16, 7-19, 16-20 եւ 10-19): Յաղթանակի մը պարագային, Ռիատի Պէյրութ պիտի ապահովէր աւարտականի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ անիկա առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր: Բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, Տինամոյէն...

Page 397 of 1280 1 … 396 397 398 … 1,280

Արխիւներ