20-30 մայիսին Շարժայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Շարժա-Մասթըրզ ճատրակի 2022-ի միջազգային մրցաշարքը:
Անոր Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 ճատրակ խաղացողներ, 9-ը` «Մասթըրզ»-ի, իսկ մէկը` «Չելընճ»-ի մրցաշարքին:
Անոնց մէջ լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց Հայկ Մարտիրոսեան, որ կիսեց 3-4-րդ դիրքերը եւ 15,2 կէտով բարելաւեց իր վարկանշային ցուցանիշը (այժմ` 2752):
Տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ Արթուր Դաւթեան, որ ամբողջացուց կրանտմասթըրի իր երկրորդ ֆորմը եւ իր վարկանիշը բարելաւեց 16,4 կէտով (2500 եւ աւելի):
Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Շանթ Սարգսեան գրաւեցին մրցանակային դիրքեր եւ բարձրացուցին իրենց վարկանիշները:


