Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի ճատրակի դասական 47-րդ անհատական ախոյեանութիւնը, «Քաշ Մաթ» կեդրոնին մէջ:
Արձանագրելով 5 յաղթանակ եւ 4 հաւասարութիւն` Ճիօ Գալուստ առանց պարտութիւն կրելու ապահովեց 7 կէտ եւ հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Ախոյեան հանդիսացաւ Ամրօ Ժաուիշ` ապահովելով 7,5 կէտ:
Նշենք, որ Ճիօ Գալուստ, որ մրցաշարքին մասնակցած միակ հայն էր, փոխախոյեան հանդիսանալուն շնորհիւ ստացաւ մօտաւորապէս 44 վարկանշային կէտ:
Կը շնորհաւորենք Ճիոն` իր ձեռք ձգած այս կարեւոր յաջողութեան համար:


