Նախորդ շաբաթավերջին, Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ օֆի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մոնծա 4-3 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Փիզայի դաշտէն:
Մոնծա, որ երթին եւս յաղթանակ արձանագրած էր Փիզայի դէմ (2-1), այսպիսով 2022-2023 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան («Քալչիօ») մէջ:
Նշենք, որ անիկա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը բարձրանայ «Քալչիօ»:


