Շաբաթ, 28 մայիսին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ գտնուող «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտ եւ Անգլիոյ փոխախոյեան Լիվըրփուլ:
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ մրցումը 38 վայրկեան ուշացումով սկսաւ` նկատի ունենալով, որ դաշտէն դուրս կատարուեցան անկարգութիւններ անգլիացի համակիրներուն եւ ապահովութեան հսկող մարմիններուն միջեւ:
Ըստ ֆրանսական մարզական մամուլին, անգլիացի համակիրներ փորձեցին կեղծ տոմսակներով դաշտ մուտք գործել:
Ցրուելու համար այդ համակիրները, ոստիկանութիւնը անոնց դէմ օգտագործեց արցունքաբեր կազեր, ինչպէս նաեւ կատարեց ձերբակալութիւններ:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, Ա. կիսախաղին գերմանացի Եիւրկըն Քլոփի գլխաւորած կազմը` Լիվըրփուլ, ունեցաւ կոլ նշանակելու բաւական ստոյգ առիթներ, սակայն Ռէալ Մատրիտի պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա յաջողեցաւ իր բերդը պահել անառիկ:
Սակայն 59-րդ վայրկեանին Ռէալի պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ժունիոր նշանակեց սպանական կազմին եւ մրցումին միակ կոլը:
Այսպիսով, իտալացի Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմը, 14-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր ֆրանսացի Քլեման Թուրփին:
Նշենք, որ վերջին անգամ Ռէալ Մատրիտ այս մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած էր 2018-ին, երբ դարձեալ Փարիզի մէջ յաղթած էր նոյնինքն Լիվըրփուլին (3-1):