Կիրակի, 29 մայիսը յիշատակելի օր մը եղաւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի համար, որ Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հատըրսֆիլտին, իրաւունք ստացաւ 2022-2023 տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերելու «Փրեմիեր Լիկ»-ին:
Մրցումին 43-րդ վայրկեանին, Լեւի Քոլուիլ պատճառ դարձաւ, որ իր կազմը` Հատըրսֆիլտ պարտութիւն մը կրէ «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ` սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակելով:
Այսպիսով, 23 տարուան քիչ մը երկար բացակայութենէ մը ետք, Նոթինկհամ Ֆորեսթ դարձեալ կը վերադառնայ «Փրեմիեր Լիկ»:
Նշենք, որ խումբին մարզիչն է Սթիւ Քուփըր:
1865-ին հիմնուած Նոթինկհամ Ֆորեսթ անցեալին, երբ իր փառքի օրերը կ՛ապրէր, երկու անգամ` 1978-1979 եւ 1979-1980 տարեշրջաններուն հանդիսացած է Եւրոպայի ախոյեան: