 Կիրակի, 29 մայիսին տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան 7-րդ կրան փրին, Մոնաքոյի Մոնթէ Քարլոյի վազքուղիին վրայ:
Կիրակի, 29 մայիսին տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան 7-րդ կրան փրին, Մոնաքոյի Մոնթէ Քարլոյի վազքուղիին վրայ:
Անիկա աւարտեցաւ «Ռետ Պուլ»-ի մեքսիքացի վարորդ Սերճիօ Փերեզի յաղթանակով, որ 64 լեփ ունեցող այս կրան փրիին արձանագրեց 1 ժամ 56′ 30” արդիւնք մը:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը 1” 154 ուշացումով գրաւեց «Ֆեռարի»-ի վարորդ Քարլոս Սայնց (Սպանիա), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Փերեսի խմբակից նետերլանտցի Մաքս Վերսթափեն (1” 491 ուշացումով):
Երեք վարորդներ, որոնց կարգին` գերմանացի Միք Շումախըր (Հաաս խումբին մաս կազմող), կրան փրին չկրցան ամբողջացնել:
 Միք ունեցաւ ծանր արկած մը, երբ անոր ինքնաշարժը զարնուելով ցանկապատի մը, երկուքի կիսուեցաւ, բայց բարեբախտաբար անոր բան մը չպատահեցաւ:
Միք ունեցաւ ծանր արկած մը, երբ անոր ինքնաշարժը զարնուելով ցանկապատի մը, երկուքի կիսուեցաւ, բայց բարեբախտաբար անոր բան մը չպատահեցաւ:
Նշենք, որ տեղացող անձրեւուն պատճառով, այս կրան փրիին մեկնարկը ուշ տրուելէ անկախ, անիկա քանի մը անգամ ալ ընդմիջուեցաւ, մինչեւ որ ի վերջոյ հասաւ իր աւարտին:
Վարորդներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը այժմ 125 կէտով կը գրաւէ Վերսթափեն: Անոր ետին կը գտնուի Շարլ Լեքլերք (Մոնաքօ, «Ֆեռարի»), որ ապահոված է 116 կէտ, մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Փերեզ (110 կէտ):
 
			

