Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») 2021-2022 տարեշրջանը:
Ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ իր ակումբին հետ հանդիսացաւ Սպանիոյ ախոյեան, ատկէ բացի այլ կարեւոր իրագործում մըն ալ կատարեց, երբ հանդիսացաւ երկրին լաւագոյն ռմբաձիգը` 32 մրցումի ընթացքին նշանակելով 27 կոլ:
Այսպիսով, Պենզեմա, որ 2009-էն ի վեր մաս կը կազմէ արքայական ակումբին, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ «Լա լիկա»-ի ռմբաձիգ:
Նշենք, որ անոր կազմը, Պարսելոնա եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ յառաջիկայ տարեշրջանին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, մինչ վերջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը` Կրանատա, Լեվանթէ եւ Ալաւես, փոխադրուեցան Բ. դասակարգ:


