Մայեմիի մէջ տեղի ունեցաւ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւելեան շրջանի Մայեմի Հիթ-Պոսթըն Սելթիքս մրցումին 7-րդ եւ վերջին ճակատումը:
Վճռորոշ այս մրցումը աւարտեցաւ Սելթիքսի յաղթանակով` 100-96 արդիւնքով, անիկա այսպիսով 4-3 արդիւնքով տարաւ վերջնական յաղթանակը:
Սելթիքսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ճէյսըն Թաթում (26 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), մինչ Հիթէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճիմի Պաթլըր (35):
Այսպիսով, Պոսթըն Սելթիքս, որ հանդիսացաւ արեւելեան շրջանի ախոյեան, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի ախոյեանութեան աւարտականին պիտի մրցի արեւմտեան շրջանի ախոյեան հանդիսացած Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ:
Վերջինս արեւմտեան շրջանի աւարտականին 4-1 արդիւնքով յաղթեց Տալաս Մավըրիքսին:


