Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց միւնիխեան կազմին հետ:
36 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024, նշուեցաւ ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Նէօյըր, որ 2011-ին Շալքէէն տեղափոխուեցաւ Պայէրն Միւնիխ, 2017-ին դարձաւ ակումբին խմբապետը:
Ան իր կազմին հետ 10 անգամ հանդիսացած է Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան, 5 անգամ` երկրի բաժակակիր, իսկ երկու անգամ ալ տիրացած է «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին:


