Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ աթլեթիզմի երեք քայլ ոստումի մրցումներուն մասնակցող կապանցի Լեւոն Աղասեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Կրետէ (Յունաստան) քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աթլեթիզմի միջազգային մրցաշարքին:
Հայաստանի յառաջատար մարզիկը, արձանագրելով 16,64 մեթր արդիւնք մը, տիրացաւ ոսկիէ մետալին:
Նշենք, որ Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականը 15 ներկայացուցիչ պիտի ունենայ 11 յունիսին Մալթայի մէջ սկսելիք Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան, որուն պիտի մասնակցին 18 երկիրներու հաւաքականներ:


