Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի («ֆայնըլ ֆոր») մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ երրորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Մանարայի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ պարտութեամբ` 74-59 արդիւնքով (26-16, 7-19, 16-20 եւ 10-19):
Յաղթանակի մը պարագային, Ռիատի Պէյրութ պիտի ապահովէր աւարտականի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ անիկա առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր:
Բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, Տինամոյէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ալի Հայտար (22 կէտ եւ 12 ռիպաունտ):
Անոր խմբակից Ժատ Խալիլ նշանակեց 19 կէտ, մինչ Ռիատիէն Ամիր ՍԷուտ նշանակեց 17 կէտ:
Երկու կազմերուն միջեւ չորրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` շաբաթ, 28 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):