Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն կը շարունակէ իր աշխատանքը` փորձելով համոզել Զինետտին Զիտանը, որ ան ստանձնէ ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:
Եթէ ան համաձայնի ստանձնել մայրաքաղաքի կազմին մարզիչի պաշտօնը, պիտի դառնայ աշխարհի ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիչը` տարեկան ստանալով 25 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Ներկայիս, աշխարհի ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիչն է Տիեկօ Սիմէոնէ (տարեկան 24 միլիոն եւրօ):
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, թէեւ ան հանդիպում մը ունեցած է փարիզեան ակումբի նախագահ Նասեր Խելայֆիի հետ, սակայն սպանական մարզական մամուլին համաձայն, ան կը փափաքի գլխաւորել Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբը:
Նշենք, որ ներկայիս, Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչն է Մաուրիցիօ Փոքեթինօ:
Արժանթինցի մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը:


